2016-11-24 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապին` 24 նոյեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 24 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Ազգերու գլխաւոր ժողովի նախագահ` Տիար Փիթեր Թոմսոնի, անոր կողակիցին եւ անոնց ընկերացած պատուիրակութեան հետ, ապա` Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրի հետ, հուսկ  Ուրուկուէյի Մոնթեվիտէօ թեմին առաջնորդ գերապայծառ Տանիել Ֆերնանտօ Սթուրլա Պէրուէիի հետ եւ Պրազիլի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճովաննի Այելլոյի հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդունեց Պոլիվիաի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմը` գլխաւորութեամբ համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Ռիվարտօ Էրնեսթօ Զենթելլաս Կուզմանի, հուսկ Պիոս Դ-ի անուան կաճարի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գիտութեան Ակադեմիայի կողմէ կազմակերպուած ''Թմրամիջոցներ. համաշխարհային չարիքի խնդիրներ եւ լուծումներ'' բնաբանով հաւաքի մասնակցողներուն ու այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ողջունելով ներկաները հաստատեց թէ ''թմրեցուցիչը մեր հասարակութեան համար մեծ վէրք է'' որուն զոհ են բազմաթիւ անձինք, որոնք կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնը ու ստրուկ դարձած են այդ ախտին։

Այս եւս, նորաձեւ ստրկութիւն մըն է, յարեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ այս մէկը յաճախ կախուած է ընտանիքի բացակայութիւնէն, ընկերային ճնշումներէն ու բազմազան այլ ժխտական երեւոյթներէն, ու դիտել տուաւ թէ իւրաքանչիւր թմրամոլ անձ ունի իւրայատուկ պատմութիւն որ պէտք է լսենք, հասկնանք, սիրենք եւ հնարաւորին նաեւ դարմանենք, զանոնք նկատելով որպէս Աստուծոյ զաւակներ իրենց իւրայատուկ արժանապատուութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց այդ թմրամոլները հրապուրող սուտ, թունաւոր ու վաղանցուկ երջանկութեան որ յաճախ կ՛աւերէ անձը։ Այս առընչութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց գիտակցիլ ու հասկնալ որքան ծաւալած է թմրամոլութեան հարցը ու առաջին հերթին հասկնալ անոր արտադրութեան ու բաշխումի համակարգը, որուն կարեւոր մաս կը կազմեն կազմակերպուած յանցագործները։ Քահանայապետը ապա թուեց թմրեցուցիչի վաճառքի ետին թաքնուած անձնական շահերը, ու այս առընչութեամբ կարեւոր նկատեց ընկերային ծրագիրներու իրականացումը, առողջապահական ուղեգիծով, ընտանեկան աջակցութիւն ու առաջին հերթին կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։

Մարդկային կազմաւորումը առաջնահերթութիւն է, ըսաւ Սրբազան Պապը, որով մարդոց միջոց կը տրուի զատորոշելու։

Մինչ կանխարգիլումը առաջնահերթ ճանապարհ մըն է սակայն հիմնական է նաեւ աշխատիլ ի սպաս զոհերու վերականգնումին, անոնց վերադարձնելու համար ուրախութիւն ու արժանապատուութիւն։

Մեր եղբայրներէն ամէնէն կարիքաւորը, զոր ըստ երեւոյթին ոչինչ կարող է տալ մեզի, իր մէջ ունի գանձ մը որ է Աստուծոյ դիմագիծը որ մեզի հետ կը խօսի ու մեզ կը հարցադրէ։

Ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր աշխատանքը ու ձեր կարողութեան համաձայն ձեռնարկէք ծրագիրներ ի սպաս անոնց որոնք աւելիով կը տառապին։








All the contents on this site are copyrighted ©.